ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԽՐԱԽՃԱՆՔ
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը երէկ երեկոյեան խանդավառ խրախճանք մը իրականացուց Նոր տարուան ընդառաջ։ Վարժարանի պարտէզին վրայ լարուած մեծ վրանին ներքեւ տեղի ունեցաւ այս խրախճանքը, որ կազմակերպուած էր «Բարի գալուստ 2016» կարգախօսով։ Ֆէրիգիւղի ընտանիքին բոլոր անդամներուն համախումբ աշխատանքով կեանքի կոչուած ծրագիր մըն էր այս մէկը։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Ամանորին ընդառաջ շնորհաւորական մը ուղարկած է Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին։ Պատրիարքարանի աղբիւրները պաշտօնապէս հրապարակեցին այս շնորհաւորականին բովանդակութիւնը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ.-
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը 2015-ի վերջին օրերուն հերթական անգամ ընթերցասէր հասարակութեան տրամադրութեան տակ կը դնէ իր նահատակ աշխատակիցներէն մէկուն:
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս մասնակցութիւն բերին նկարչութեան մրցոյթի մը, որու արդիւնքին ապահովեցին նուաճումներ։ «Ըշըք» համալսարանին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ու նոր տարուան ձօնուած այս գծագրութեան մրցոյթը համախմբեց Իսթանպուլի Եւրոպական ափի դպրոցներէն մանկապարտէզի եւ առաջին դասարանի աշակերտները։