Թրքահայ կեանք
ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Իսթանպուլի մօտ Պելժիոյ աւագ հիւպատոս Անրի Ֆան Թիէկըմը։ Զրոյցի ընթացքին Նորին Սրբազնութիւնը ողջունեց պելժիացի դիւանագէտը եւ գոհունակութիւն յայտնեց այցելութեան կապակցութեամբ։ Կարծիքի փոխանակումներ կատարուեցան թրքահայ համայնքային կեանքին վերաբերեալ զանազան նիւթերու շուրջ։
ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Շիշլիի քաղաքապետարանը միշտ պատրաստակամ՝ աջակցելու մեր համայնքային կառոյցներուն:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Հայրի Ինէօնիւն եւ Վազգէն Պարընը:
ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆ
Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Շաբաթ յետմիջօրէին, տեղի ունեցաւ հաւաքական մկրտութեան արարողութիւն մը, որ ստեղծեց մեծ ոգեւորութիւն։ Խաչվերացի տաղաւարի նախատօնակի օրուան զուգադիպած այս հաւաքական մկրտութեան իր բարձր ներկայութիւնը բերաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։
ՏԵՂԻՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ
Ահաբեկչական վերջին դէպքերու մթնոլորտին մէջ Պատրիարքարանը հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով՝ թարգման հանդիսանալով մեր համայնքի տրամադրութիւններուն:
Անպատասխանատու կարգ մը անձերու կողմէ հայոց հասցէին կատարուած ժխտական արտայայտութիւններուն դէմ Գումգաբուի կողմէ հակազդեցութիւն: Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նամակ մը ուղարկեց Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուին:
ՄԱՐԱԼՑԻՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳԱԴԻՐ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ
2015-2016 կրթական շրջանի առաջին մատաղօրհնութիւնը յառաջիկայ Հոկտեմբերի 4-ին տեղի պիտի ունենայ Սամաթիոյ մէջ։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, եղանակի առաջին սիրոյ սեղանը պիտի կազմակերպուի ի նպաստ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ եւ անոր յարակից գործող Սահակեան-Նունեան վարժարանին։ Նկատի ունենալով, որ Ս. Գէորգի տօնը այս տարի կը զուգադիպի իսլամական աշխարհի տօնական արձակուրդի օրերուն, Սամաթիոյ մատաղօրհնութիւնը շաբաթ մը ուշացումով պիտի իրականացուի։
ԽԱՉՎԵՐԱՑԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յովհաննէս Կոպոյեան եւ իր ընկերները նախընթաց օր այցելեցին Պատրիարքարան, մասնակցութեամբ հոգեւոր հովիւ Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեանի։
«ՄԱՐԱԼ» ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԵԱՆ
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը կը պատրաստուի այցելել Հայաստան։ Այս ուղեւորութեան ընդառաջ Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեան, համոյթի պարուսոյց Կարպիս Չափքան եւ երիտասարդ ներկայացուցիչ Սելին Քոշան երէկ այցելեցին Պատրիարքարան։
ՏԻԱՐՊԱՔԸՐԻ ՍՈՒՐԲ ԿԻՐԱԿՈՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՎՆԱՍ ԿՐԱԾ Է ՔԱՂԱՔԻ ԿԵԴՐՈՆԻ ԽՌՈՎՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՈՎ
Ցաւով տեղեկացանք, թէ ահաբեկչական դէպքերուն հետեւանքով վերջին օրերուն վնաս կրած է Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցին, ինչ որ արձագանգ կը գտնէ նաեւ թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ։ Տիարպաքըրի կեդրոնի Սուր գաւառակին մէջ վերջին օրերուն կ՚ապրուին լուրջ խռովութիւններ։