ՅՈՒԶՈՒՄՆԱԽԱՌՆ ՀՐԱԺԵՇՏ
Փառաշուք յուղարկաւորութիւն՝ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ:
Խոնարհում՝ նորոգ հանգուցեալ Անդրանիկ Սրկ. Տեմիրճիօղլուի բարի յիշատակին առջեւ:
Փառաշուք յուղարկաւորութիւն՝ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ:
Խոնարհում՝ նորոգ հանգուցեալ Անդրանիկ Սրկ. Տեմիրճիօղլուի բարի յիշատակին առջեւ:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ նախագահեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Արեւագալի ժամերգութեան։ Սա Մեծ պահոց շրջանի երրորդ Արեւագալի արարողութիւնն էր Գուզկունճուքի եկեղեցւոյ մէջ։
Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Շահին Տօնիկեանի յուղարկաւորութիւնը։ Ծանօթ է, որ հանգուցեալը հայրն է Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեանի եւ իր կորուստը վերջին օրերուն մեծ ցաւ ստեղծեց համայնքային շրջանակներէն ներս։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վերադարձաւ քաղաքս։ Ինչպէս ծանօթ է, Նորին Սրբազնութիւնը շուրջ շաբաթէ մը ի վեր կը գտնուէր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, ուր մասնակցեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ տեղի ունեցած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի նստաշրջանին։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է համայնքային շրջանակներու համակրելի դէմքերէն, եկեղեցական կեանքի ազնիւ սպասաւոր Անդրանիկ Սրկ. Տեմիրճիօղլու։ Աւելի քան տարիէ մը ի վեր ան կը գտնուէր բժշկական խտացեալ խնամքի տակ։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Արեւագալի ժամերգութիւն, որուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։
«Չըփլաք այաքլար քումփանեասը»ն երէկ երեկոյեան Թոփհանէի իր աշխատանոցի երդիքին տակ գեղարուեստասէրներուն ներկայացուց արդի պարի նոր ելոյթ մը։ «Սար» կոչուած է այս ներկայացումը, որու համահեղինակները կը հանդիսանան Միհրան Թովմասեան եւ Սարօ Ուստա։
«ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարի գիրքերուն շնորհանդէսը կը մնայ անմոռանալի:
Իշխան Չիֆթճեան, Վարդան Մատթէոսեան եւ Վահէ Թաշճեան հրաժեշտ առին քաղաքէս:
«ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարէն հրատարակուած առաջին երեք գիրքերու համատեղ շնորհանդէսը փայլուն անցաւ՝ շաբաթավերջին բնորոշելով համայնքային օրակարգը։
Ներկան եւ անցեալը… ընդելուզուած։
Սեւան Տէյիրմենճեանի աշխատասիրութեամբ լոյս տեսած Քասիմի, Երուխանի եւ Զարդարեանի գործերուն մասին հանգամանօրէն արտայայտուեցան այլին Գօչունեան, Իշխան Չիֆթճեան, Վարդան Մատթէոսեան եւ Վահէ Թաշճեան, որոնք կանգ առին պատմութեան եւ արդի ժամանակներու զուգահեռականներուն վրայ: «Անատոլու Քիւլթիւր»ի աջակցութեամբ կազմակերպուած նիստը վարեց Սագօ Արեան։
Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցած յատկանշական ու եզակի ձեռնարկը պատուեց Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ մեկնեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Յառաջիկայ օրերուն Նորին Սրբազնութիւնը պիտի մասնակցի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով ժողովին, որ պիտի գումարուի Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ։