«ՄԱՐԱԼ» ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ԱՐԱ ԵՒ ՇԱՄԻՐԱՄ
«Մարալ» երաժշտութեան ու պարի միութիւնը երէկ երեկոյեան գեղարուեստասէր հասարակութեան ներկայացուց «Արա եւ Շամիրամ»ը։ Թատերական պարը ներկայացուեցաւ Պէշիկթաշի քաղաքապետութեան առընթեր Աքաթլարի «Մուսթաֆա Քեմալ» կեդրոնին մէջ։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս այցելեցին Իսթանպուլի Արդի արուեստի թանգարանը։ Հինգերորդ դասարանի սաներէն բաղկացեալ խումբը թանգարանի համալիրէն ներս մասնակցութիւն բերաւ «BASF Kids» գիտութեան աշխատանոցին։
Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Արեւագալի արարողութեան նախագահեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ, ուր համախմբուած էր հաւատացեալներու խուռներամ բազմութիւն մը։
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս այցելեցին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։ Խումբը գլխաւորեց վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ ու տնօրէն Գարեգին Պարսամեան։
Ֆաթիհի քաղաքապետական խորհուրդի անդամուհիներէն Ճահիտէ Ահմէտօղլու նախընթաց օր այցելեց Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը։ Ճահիտէ Ահմէտօղլու ԱՔ կուսակցութեան Ֆաթիհի մասնաճիւղի արտաքին յարաբերութիւններու միաւորը կը գլխաւորէ։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ յետմիջօրէին պատուեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրատունը։ Ինչպէս ծանօթ է, նախանցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցած էր «ԺԱՄԱՆԱԿ 100» մատենաշարէն լոյս տեսած առաջին երեք գիրքերուն համատեղ շնորհանդէսը՝ Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ։