ՏԻՐԱՄԱՅՐԸ ԽՆԱՄԱՏԱՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒԱԾ
Թուրքիոյ հայոց 84-րդ պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանին համար երէկ խնամատար (vasi) մը նշանակուեցաւ դատական իշխանութիւններուն կողմէ արձակուած վճիռով։ Մեր համայնքէն չորս անհատներու՝ Թադէոս Պէպէքի, Յարութ Էօզէրի, Նազար Պինաթլըի եւ Տքթ. Արթին Մեծատուրի կողմէ բացուած դատի արդիւնքին՝ պատրիարքին համար խնամատար նշանակուեցաւ տիրամայր Մարի Մութաֆեան։
Շիշլի մարզակումբը վերջերս մասնակցութիւն բերաւ պատկերաւոր ճատրակի մրցաշարքի մը կազմակերպման։ «Լիոնս» ակումբի ցանցի Շիշլիի մասնաճիւղին եւ Թուրքիոյ Ճատրակի դաշնակցութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ իրականացաւ շաբաթավերջի այս մրցաշարքը։ Կարգադիր յանձնախումբին մաս կը կազմէին Շիշլի մարզակումբէն Սարվէն Չաքմաք եւ Տիանա Ալթուն։
Մեծ պահոց շրջանին Արեւագալի հոգեպարար արարողութիւնները կը շարունակուին մեր եկեղեցիներէն ներս։ Հայաշատ թաղերու մեր եկեղեցիներուն առընթեր, հայ բնակչութենէ նօսրացած պատմական թաղերու մէջ ալ կ՚ապրուի հոգեւոր մեծ հրճուանք։