ՄԻՆՉԵՒ 12 ՏԱՐԵԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱՐԱԳ ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ
Իսթանպուլի Ճատրակի միութեան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ մրցաշարք մը, որ ձօնուած էր Ժիրայր Օհանեան Չաքըրի յիշատակին։ Մինչեւ տասներկու տարեկան մարզիկներու համար նախատեսուած արագ ճատրակի մրցաշարք մըն էր այս մէկը, որու սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Իսթանպուլի Ճատրակի միութեան նախագահ Առնօ Կարապետեան։

Շիշլի մարզակումբի նախաձեռնութեամբ այս տարի եւս կազմակերպուեցաւ պասքեթպոլի մրցաշարք մը՝ ի յիշատակ հանգուցեալ Արման Մանուկեանի։ 3x3 ձեւաչափով կազմակերպուած պասքեթպոլի մրցաշարքը այս տարի համընկնեցաւ Շիշլի մարզակումբի հիմնադրութեան 70-ամեակի յոբելենական շրջանին։
Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մուտն ի վիրապին առթիւ շաբաթավերջին հանդիսաւոր արարողութիւններ տեղի ունեցան Գուզկունճուքի համանուն եկեղեցւոյ մէջ։ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան նախագահեց տօնակատարութիւններուն։