ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄ
Թուրքիոյ մէջ ապաստան գտած հայ գաղթականներուն առկայ հարցերն ու կարիքները հրատապ նշանակութիւն ստացած են մեր համայնքի օրակարգին վրայ:
Պատրիարքական Աթոռի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ պաշտօնապէս կազմուեցաւ մասնաւոր յանձնախումբ մը, որ պիտի համակարգէ աշխատանքները: