ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Կէ­տիկ­փա­շա­յի «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նին մէջ ա­շա­կերտ­նե­րը գար­նա­նա­յին գու­նա­գեղ խան­դա­վա­ռու­թեամբ տօ­նե­ցին Սուրբ Զա­տի­կը։ Դպրո­ցէն ներս այս առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ մաս­նա­ւոր հան­դէս մը, ո­րու ըն­թաց­քին տղա­քը հան­դի­սա­կան­նե­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցին նաեւ տօ­նին խոր­հուր­դը։ Յայ­տագ­րին մաս կազ­մե­ցին հայ­կա­կան եր­գեր եւ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներ, ո­րոնք մեծ ջեր­մու­թիւն ստեղ­ծե­ցին դպրո­ցի յար­կին տակ։

Ձեռ­նար­կի մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին էին վար­ժա­րա­նի կա­մա­ւոր հո­գա­բար­ձու­ներ Դա­լար եւ Ար­թօ Հո­րո­զօղ­լու­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ Սեւ ծո­վեան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան մօտ Հա­յաս­տա­նի ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան անձ­նա­կազ­մի կո­ղա­կից­նե­րը՝ Մե­րի Ա­ւա­գեան եւ Լիա­նա Մար­տի­րո­սեան։ 

Տնօ­րէ­նու­հի Հե­րիք­նազ Ա­ւա­գեան եւ փոխ-տնօ­րէն Դա­ւիթ Խա­չատ­րեան շատ ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին ներ­կա­նե­րը եւ գնա­հա­տե­ցին հան­դէ­սի ըն­թաց­քին ա­շա­կերտ­նե­րուն կող­մէ ար­ձա­նագ­րուած յա­ջո­ղու­թիւ­նը։ Տղա­քը Սուրբ Զատ­կի առ­թիւ ստա­ցան նուէր­ներ։

Հան­դէ­սի ա­ւար­տին սար­քուած ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին ալ շա­րու­նա­կուե­ցաւ տօ­նա­կան ու­րա­խու­թիւ­նը։ 

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2017