ՖԷՐԻԳԻՒՂՑԻՆԵՐՈՒՆ ԿՈՉԸ
Մէրամէթճեան վարժարանի տարեկան սիրոյ սեղանին ընդառաջ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը որոնումներու մէջ:
Ատենապետ Մանուկ Էօղէր. «Այլեւս պէտք է կեդրոնանալ մեր համայնքի ապագային համար մարդուժ պատրաստելու վրայ»:
Մէրամէթճեան վարժարանի տարեկան սիրոյ սեղանին ընդառաջ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը որոնումներու մէջ:
Ատենապետ Մանուկ Էօղէր. «Այլեւս պէտք է կեդրոնանալ մեր համայնքի ապագային համար մարդուժ պատրաստելու վրայ»:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր մարզական աշխարհի յայտնի եւ արդէն անմոռանալի անուններէն Սարգիս Չալըշ, որ անցեալի մէջ եղած էր Թաքսիմ մարզակումբի դարպասապահներէն մին։ Իր յուղարկաւորութիւնը այսօր տեղի կ՚ունենայ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանին մէջ հայ մշակոյթի շաբաթը նշուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ։ Թարգմանչաց տօնին եւ մշակոյթի շաբթուան առթիւ համայնքային վարժարաններու աշակերտներն ալ համախմբուեցան Օրթագիւղի մէջ։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթի շարքերը կը համալրուին նոր մասնակիցներով, որոնք կը կրկնապատկեն ոգեւորութիւնը:
2015-2016 շրջանի պարապմունքները շաբաթավերջին սկսան Իրիս եւ Կարպիս Չափքան ամոլի վերահսկողութեան ներքեւ, երկու խումբերու ձեւաչափով:
«Յուշամատեան» նախագիծը, որ 2010 թուականէն ի վեր կը գործէ Պերլինի մէջ, նպատակ կը հետապնդէ զանազան ծրագրերու միջոցով վերականգնել Օսմանեան կայսրութեան տարածքին ապրած հայութեան բնաշխարհն ու կենսակերպը։ «Յուշամատեան» նախագիծը վերջին տարիներուն կը համագործակցի նաեւ հայկական վարժարաններուն հետ՝ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հովանաւորութեամբ։
Ս․ Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի մանկական ու պատանեկան կազմերը երէկ պաշտօնապէս բացին իրենց նոր եղանակը։ Թաղի պատանիներն ու մանուկները հաւաքուեցան եկեղեցւոյ «Շիրինօղլու», «Ալաճաճեան» սրահներուն եւ վերնատան մէջ։
Թուրքիոյ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան վարչութեան ատենապետ Իհսան Էօզպէք ընկերակցութեամբ անդամներ՝ Պեհնան Քոնութքանի, Տանիէլ Կիւնայի, Ռեֆիք Թոփճուի եւ Ալի Քալքանտելէնի, այցելեցին Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի կողմէ։
Խմբագրատանս մէջ հաճոյքն ունեցանք ընդունելու ֆրանսահայ մտաւորական Սիմոն Պապիկեանը, որ Պոլիս կը գտնուի այցելելու համար իր ընտանեկան պարագաներուն։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի եօթներորդ եւ ութերորդ դասարանի սաները այցելեցին Յունաստանի հիւպատոսութեան «Սիսմանոկլիօ Մակարօ» կեդրոնը, ուր «Փարոս» հանդէսի չորրորդ տարեդարձին առթիւ կը ցուցադրուին անուանի գեղանկարիչ Սարգիս Մուրատեանի ստեղծագործութիւնները՝ «Անցեալէն դէպի ապագայ» խորագրով։
ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլու մէկտեղուեցաւ համայնքներու ներկայացուցիչներու հետ:
Յանուն Պատրիարքական Աթոռին հանդիպման ներկայ էր Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպսկ. Աթէշեան: