ՏՕՆԱԿԱՆ ՄԵԾ ՀՐՃՈՒԱՆՔ
Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն ներս տաղաւարի յուզիչ մթնոլորտ:
Անարատ Յղութեան մատրան մէջ Ս. Ծննդեան ճրագալոյցին առթիւ հանդիսաւոր արարողութիւն:
Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն ներս տաղաւարի յուզիչ մթնոլորտ:
Անարատ Յղութեան մատրան մէջ Ս. Ծննդեան ճրագալոյցին առթիւ հանդիսաւոր արարողութիւն:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Ամանորին ընդառաջ շնորհաւորական մը ուղարկած է Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին։ Պատրիարքարանի աղբիւրները պաշտօնապէս հրապարակեցին այս շնորհաւորականին բովանդակութիւնը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ.-
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը 2015-ի վերջին օրերուն հերթական անգամ ընթերցասէր հասարակութեան տրամադրութեան տակ կը դնէ իր նահատակ աշխատակիցներէն մէկուն:
Սեւան Տէյիրմենճեանի աշխատասիրութեամբ, նոյն մատենաշարին շրջագծով, գրքի մը ձեւաչափով լոյս տեսան Ռուբէն Զարդարեանի կողմէ թերթիս մէջ ստորագրուած գործերը:
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս մասնակցութիւն բերին նկարչութեան մրցոյթի մը, որու արդիւնքին ապահովեցին նուաճումներ։ «Ըշըք» համալսարանին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ու նոր տարուան ձօնուած այս գծագրութեան մրցոյթը համախմբեց Իսթանպուլի Եւրոպական ափի դպրոցներէն մանկապարտէզի եւ առաջին դասարանի աշակերտները։
Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ եւ յարակից վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուած տարեկան զօրակցութեան հաւաքոյթը փայլուն անցաւ։
Թաղային խորհուրդը յամառ աշխատանքով կը հետապնդէ համայնքապատկան բացօթեայ շուկայի տարածքի արժեւորման ծրագիրը, որու շրջագծով ցարդ կնքուած պայմանագրերու պարագային խնդրոյ առարկայ չեն դարձած ժամկէտի խախտումներ։
Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան։
«Արաս» եւ «Իսթոս» հրատարակչութիւնները շաբաթավերջին գրքի երկօրեայ համատեղ տօնավաճառ մը իրականացուցին Պէյօղլուի մէջ, ինչ որ արժանացաւ գրասէրներու անմիջական ուշադրութեան։ Ամանորի նախօրեակին զուգադիպած այս ձեռնարկը իրականացուեցաւ Իսթիքլալ պողոտայի Փանաիա Իսոտիոն յունաց եկեղեցւոյ բակէն ներս։
Քըրմըզեան եղբայրներուն կողմէ հովանաւորուած նախագիծը բաւական հասունցած:
Պալեան գերդաստանի շիրմին նորոգութիւնը կ՚ընթանայ նախատեսուած հունին մէջ: «Հայճար» այժմէն պատրաստութիւններու ձեռնարկած է Մայիսին կայանալիք բացման հանդիսութեան համար:
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը երէկ ապրեցաւ քէրմէսի հրճուանք։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Ամանորին ընդառաջ թաղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ յարդարուած տաղաւարները առիթ հանդիսացան թէ՛ յարակից Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ զօրակցութեան եւ թէ տօնական շրջանի աւանդութեան մը տեւականացման։
Վաքըֆլըգիւղցիներու հայրենակցական միութեան մէջ երէկ ապրուեցաւ ամանորեան քէրմէսի եռուզեռ։ Տիկնանց կազմին կողմէ կազմակերպուած քէրմէսին ընթացքին այցելուներուն հրամցուեցան գիւղին բնորոշ արտադրանք, ձեռային աշխատանքներ եւ Կաղանդի իրեղէններ, որոնք առարկայ դարձան հիւրերու հետաքրքրութեան։
Ընտանեկան ստացուածքի կառավարման նիւթին շուրջ ուշագրաւ խորհրդաժողով մը:
Յայնտի հնագէտ Րաֆֆի Փորթագալ անդրադարձաւ գեղարուեստի նկատմամբ վերաբերմունքին: