ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՄԵԾԱՐԱՆՔ
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Ուսուցչաց օրուան հանդիսութիւն մը։
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Ուսուցչաց օրուան հանդիսութիւն մը։
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանին մէջ երէկ հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ Ուսուցչաց օրուան առթիւ։ Աշակերտներն ու դպրոցի ուսուցչական կազմը այս առթիւ ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ նշեցին սոյն խորհրդանշական օրը։
Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի վերատեսուչն ու տեղակալը պիտի այցելեն քաղաքս:
Արմէն Տէր-Կիւրեղեան եւ Աշոտ Ղազարեան երկօրեայ խտացեալ ծրագրով մը շփումներ պիտի ունենան թրքահայ համայնքային շրջանակներուն հետ: Տեսակցութիւն մըն ալ նախատեսուած է Թուրքիոյ կարգ մը յառաջատար համալսարաններու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ, գործակցութեան հեռանկարով:
Տատեան վրժ.ի նոր համալիրին բացումը լաւատեսութեան առիթ հանդիսացաւ:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի միասնականութեան կոչը բիւրեղացաւ կարեւոր նուաճումի պատկերին վրայ:
«Էրասմուս+» նախագիծը, որ եւրոպական զանազան երկիրներէ վարժարաններու մասնակցութեամբ ի գործ կը դրուի Եւրոմիութեան հովանաւորութեամբ, հերթական ձեռնարկը իրականացուց Ֆրանսայի Պորտօ քաղաքին մէջ։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ ընդունեց Ալթըմէրմէրի Գլխադիր Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ տիկնանց խնամակալութիւնը, որու անդամուհիներուն հետ էր նաեւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։
Գարթալի Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ Կիրակի Ս. Պատարագ մատոյց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին ուրարակիր Արա Էօզկիւնտիւզ եւ այլ դպիրներ։
Պաքըրգիւղի ընտանիքը Տատեան վարժարանի նորակառոյց համալիրի պաշտօնական բացման հանդիսութեան առթիւ ապրեցաւ պատմական շաբաթավերջ մը:
Պաշտօնական հիւրերն ու համայնքային բարերարները երախտագիտական զգացումներով մեծարուեցան՝ կրթօճախի անկիւնադարձային այս հանգրուանին:
Գալֆաեան տան հիմնադրութեան 149-րդ տարեդարձը երէկ համայնքային շրջանակները խանդավառութեամբ համախմբեց Գումգաբուի մէջ:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան նախագահեց կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն:
Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ երէկ նշուեցան թաղի դպրաց դասու հիմնադրութեան 124-րդ, Զուարթնոց երգչախումբի կազմաւորման 79-րդ եւ Հարիւր Մանկանց երգչախումբի ստեղծման 59-րդ երրեակ տարեդարձները։