ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ 50-ԱՄԵԱԿԸ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ ընդունեց Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի ներկայացուցիչները։ Նկատի ունենալով, որ այս հաստատութիւնը թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 50-ամեայ յոբելենական շրջանը՝ անոր ներկայացուցիչները փափաքած էին այցելել Գումգաբու։

Շիշլի մարզակումբի նախաձեռնութեամբ այս տարի եւս կազմակերպուեցաւ պասքեթպոլի մրցաշարք մը՝ ի յիշատակ հանգուցեալ Արման Մանուկեանի։ 3x3 ձեւաչափով կազմակերպուած պասքեթպոլի մրցաշարքը այս տարի համընկնեցաւ Շիշլի մարզակումբի հիմնադրութեան 70-ամեակի յոբելենական շրջանին։