ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՒԱՔԸ
Թոփգաբուի ընտանիքը երէկ յատկանշական օր մը ապրեցաւ թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի շրջանաւարտներու տարեկան հաւաքին առթիւ։ Դպրոցի պարտէզին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկը անցաւ խրախճանքի մը մթնոլորտով։ Զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներ համախմբուեցան դպրոցի համալիրէն ներս, ինչ որ անբացատրելի զգացումներ առթեց իրենց։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի ճատրակի խումբը շաբաթավերջին մասնակցեցաւ «Թերաքքի» հիմնարկի դպրոցներուն կողմէ կազմակերպուած մրցաշարքին։ Այս տարի 25-րդ անգամ կազմակերպուեցաւ աւանդական դարձած այս ճատրակի մրցաշարքը, որու արդիւնքին Մէրամէթճեան վարժարանի խումբը հանդիսացաւ ախոյեան։
Համայնքային շրջանակները երէկ երեկոյեան Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին ի նպաստ համախմբուեցան Կայրէթթեփէի «Տետեման» պանդոկին մէջ:

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ սոփրանօ Գարին Պոզքուրթ վաղը հանդէս պիտի գայ համերգով մը, որ կազմակերպուած է ի զօրակցութիւն լէօսեմիէ տառապող երախաներուն։ Համերգի յայտագրին մէջ Գարին Պոզքուրթ պիտի երգէ թենոր Պիւլենտ Քիւլեքճիի հետ։