ԵՆԻԳԻՒՂՑԻՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Վարժապետեանն ու իր ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Պետրոս Քահանայ Պուլտուքեան։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր այց մը տուաւ Ասորի Ուղղափառաց Պատրիարքական Փոխանորդ Մետրապոլիտ Եուսուֆ Չեթինին։ Իրեն կ՚ընկերանար Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեանը, որուն կ՚ընկերանար դպրոցի նախկին շրջանաւարտուհիներէն Պեսսէ Քապաք։