Թրքահայ կեանք
ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մուտն ի վիրապին առթիւ շաբաթավերջին հանդիսաւոր արարողութիւններ տեղի ունեցան Գուզկունճուքի համանուն եկեղեցւոյ մէջ։ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան նախագահեց տօնակատարութիւններուն։
ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹ
Ս. Յովհան Ոսկեբերան Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբը այս տարի եւս Մեծ պահոց շրջանին կազմակերպեց իր աւանդական ճաշկերոյթը, որով ստեղծուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտ։ Այս տարի միայն բացառութիւն մը ապրուեցաւ ժամկէտի առումով։
ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԷՆ ԿԱՐԳ ՄԸ ԱՆԴԱՄՆԵՐ ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ԾՐԱԳՐԻ ՀԵՏԱՄՈՒՏ
ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ՊՏՈՅՏՆԵՐԸ
ԱՍՈՂԻԿ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԿԵՍԱՐԻԱ, ԻՍՔԷՆՏԷՐՈՒՆ ԵՒ ՎԱՔԸՖԼԸԳԻՒՂ
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Ասողիկ Դպրաց Դաս-երգչախումբի անդամները՝ գլխաւորութեամբ Պէյօղլուի քահանայից դասէն Տ. Միւռոն Ա. Քհնյ. Այվազեանի, ինչպէս նաեւ Տ. Գէորգ Քհնյ. Չընարեանի եւ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեանի, Մեծ պահոց Միջինքին առթիւ կատարեցին ուխտագնացութիւն մը, դէպի Կեսարիա, Իսքէնտէրուն եւ Վաքըֆլըգիւղ։
Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊՍԿ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՐԵՒԱԳԱԼԻՆ
Մեծ պահոց շրջանին Արեւագալի հոգեպարար արարողութիւնները կը շարունակուին մեր եկեղեցիներէն ներս։ Այսպէս, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Արեւագալի հոգեզմայլ արարողութեան։
Մխիթարեանցիները Այցելեցին Քլայփետա
Պոմոնթիի Մխիթարեան Վարժարանին Մէջ Բանախօսութիւն
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանը իր երդիքին տակ հիւրընկալեց մտաւորական, հրատարակիչ եւ պատմաբան Օսման Քէօքէրը: Բանախօսութեան ներկայ էին Հայ կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ եւ տնօրէն Գարեգին Պարսամեան, ուսուցչական կազմը, աշակերտութիւնը եւ բազմաթիւ հիւրեր:
ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԵՒԱԳԱԼ
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Արեւագալի ժամերգութիւն, որուն հանդիսապետեց Տ. Եղիշէ Վարդապետ Ուչքունեան։ Գուզկունճուքի եկեղեցւոյ մէջ սա Մեծ պահոց շրջանի հինգերորդ Արեւագալի արարողութիւնն էր, որուն ներկայ գտնուեցաւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։