ՔՐԻՍՏԻՆ ՍԱԼԷՐԻԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑՈՅԹԻՆ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
«Քրիստին Սալէրի» հիմնարկին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած միջվարժարանային նկարչութեան մրցոյթին մրցանակաբաշխման արարողութիւնը շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ Ծանօթ է, որ այս հիմնարկը ստեղծուած է վառ պահելու համար անմոռանալի նկարչուհի Քրիստին Սալէրիի յիշատակը։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Երուսաղէմ մեկնելէ առաջ այցելութիւն մը տուաւ Հրէից րաբունապետարան, ընկերակցութեամբ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութենէն երկու ներկայացուցիչներ՝ Մարիամ Տրամէրեան եւ Նազարէթ Պալ։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք մեզի ներկայացուցին Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի նոր հրատարակութիւններէն մին։