ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 181-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին ապրուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի ելն ի Վիրապի տօնին, Վոսփորի Ասիական ափի մեր այս գողտրիկ եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան եւ հիմնադրութեան 181-րդ տարեդարձին առթիւ տեղի ունեցան աւանդական արարողութիւններ։
Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլքքան» սրահին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի աշակերտներուն բանաստեղծութեան, պարի եւ երաժշտութեան ելոյթներու փառատօնը։ Յայտագրին շրջագծով տղաքը հանդէս եկան հայերէն, թրքերէն եւ անգլերէն ելոյթներով։
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ «Արիոն» նուագախումբին համերգը։ Վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս բացօթեայ ձեռնարկին նպատակն էր երիտասարդներուն մօտ հետաքրքրութիւն ու սէր ստեղծել դասական երաժշտութեան նկատմամբ։
Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի միջնակարգի բաժնի աւարտական դասարանի սաները վերջերս պտոյտ մը իրականացուցին դէպի Եգէականի շրջանը։ Ուղեւորութիւնը գլխաւորեց տնօրէնուհի Ժանէթ Ներկիզ, մինչ խումբին մաս կազմեցին նաեւ կրթական մշակներ։