ՓԱՅԼՈՒՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի եղանակի պաշտօնական բացման արարողութիւնները անցան խանդավառ մթնոլորտի մէջ:
Կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութիւնները տեղի ունեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի հովանաւորութեամբ:
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Վարսէն Օրունճաքճըէլի յուղարկաւորութիւնը։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր նոր սերունդի կրթական մշակներէն Գարօլին Սիսի Ֆէնէրճեան յաջողութեամբ կը խորացնէ իր մասնագիտութիւնը։ Ան վերջերս աւարտած է «Ետիթեփէ» համալսարանի կրթական գիտութիւններու բաժնի կրթութեան կառավարման ու հակակշռման բաժինը։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ՝ ձեռամբ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեանի։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան գլխաւորութեամբ շարականագէտ Նշան Սրկ. Չալկըճեանի։
Մեր համայնքի երիցագոյն անդամուհիներէն մին աչքերը փակեց կեանքին:
Երէկ, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հիւրընկալեց Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի հոգատար մարմնի ներկայացուցիչները։ Կայանի պատասխանատուները Գումգաբու փութացած էին՝ նկատի ունենալով, որ այս շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենայ 2016-ի ամրան շրջանի պաշտօնական բացումը։