ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ ընդունեց Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները, որոնց հետ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։
Գանտիլլի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթավերջին՝ նախագահութեամբ Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի։ Արարողութեանց մասնակցեցան եկեղեցւոյ այցելու երէց՝ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Գույումճեան, ուխտաւոր դպիրներ եւ կոկիկ թիւով հաւատացեալ ժողովուրդ։ Եկեղեցւոյ համար սոյն տօնակատարութիւնը յատկանշական էր, քանի որ զանգակները կ՚աւետէին 175-ամեայ աղօթքի տան կենդանութիւնը։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վերադարձաւ քաղաքս։ Ինչպէս ծանօթ է, Նորին Սրբազնութիւնը անցեալ շաբթուան մէջ Իսթանպուլէն մեկնած էր Մոսկուա, ուրկէ պիտի անցնէր Հայաստան՝ մասնակցելու համար Սրբազան Պապի դէպի Ս. Էջմիածին այցելութեան եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի նստաշրջանին։