Թրքահայ կեանք

ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԽՆԱՄԱԿԱԼՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ան­ցեալ տա­րուան վեր­ջին օ­րը Գում­գա­բուի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ղա­լա­թիոյ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ եւ Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նի խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ Յա­րու­թիւն Է­պէօղ­լուն եւ իր ըն­կեր­նե­րը։ Խում­բին միա­ցած էր նաեւ Տ. Զա­տիկ Վրդ. Պա­պի­կեան։

2016-Ի ՋԵՐՄ ԲԱՐԵՄԱՂԹԱՆՔՆԵՐ

Ս. Փ. Ազգային հիւանդանոցէն ներս բժիշկներու մեծարման հաւաքոյթը եւ մնայուն բնակիչներու ամանորեան ընթրիքը այս տարի տեղի ունեցաւ միացեալ ձեւաչափով: Պատրիարքաւան Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց աւանդական երեկոյթին, որու ընթացքին յուշանուէրներ ստացան Փրոֆ. Մերի Ուրկանճըօղլու եւ Տքթ. Արմենակ Մեծատուրեան:

ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ վեր­ջին օ­րե­րուն տե­ղի ու­նե­ցան Կա­ղան­դի խան­դա­վառ խրախ­ճանք­ներ, ո­րոնց ըն­թաց­քին ստեղ­ծուե­ցաւ տօ­նա­կան մթնո­լորտ։

ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՄԵԾ ՀՐՃՈՒԱՆՔ ԱՊՐԵՑԱՒ ՍԱՀԱԿԵԱՆ-ՆՈՒՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔՈՎ

Սա­մա­թիոյ ըն­տա­նի­քը այս տա­րի եւս Ա­մա­նո­րի եւ Ս. Ծննդեան շրջա­նին ապ­րե­ցաւ ա­ւան­դա­կան խան­դա­վա­ռու­թիւն՝ թա­ղին մօտ կազ­մա­կեր­պուած զա­նա­զան ձեռ­նարկ­նե­րով։

ՊՈՄՈՆԹԻԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ԿԱՂԱՆԴԸ

Պո­մոն­թիի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նը Ա­մա­նո­րի առ­թիւ կազ­մա­կեր­պեց մաս­նա­ւոր հան­դէս մը, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ Սէն Մի­շէլ ֆրան­սա­կան լի­սէի եր­դի­քին տակ։ 

Էջեր