ՍԱՀԱԿԵԱՆ-ՆՈՒՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՍԱՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԵԳԷԱԿԱՆ
Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի միջնակարգի բաժնի աւարտական դասարանի սաները վերջերս պտոյտ մը իրականացուցին դէպի Եգէականի շրջանը։ Ուղեւորութիւնը գլխաւորեց տնօրէնուհի Ժանէթ Ներկիզ, մինչ խումբին մաս կազմեցին նաեւ կրթական մշակներ։