ՍԱՀԱԿԵԱՆ-ՆՈՒՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳԻ ԲԱԺՆԻ ԸՆԹԱՑԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
Երէկ երեկոյեան Սամաթիոյ ընտանիքը թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի միջնակարգի բաժնի շրջանաւարտութեան հանդիսութեան առթիւ ապրեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Տօնական մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ դպրոցին մէջ, մինչ գործադրուեցաւ բազմակողմանի յայտագիր մը։ Սամաթիոյ ընտանիքէն վարչայիններ եւ բազմաթիւ հիւրեր փութացած էին շնորհաւորել միջնակարգի բաժնի շրջանաւարտները։
Պատրիարքական առկախեալ ընտրութեան խնդիրը այս օրերուն դարձեալ գետի նման վարարած է մեր համայնքի օրակարգին վրայ։ «Միտք» հարթակին անունով, Թադէոս Պէպէք երէկ թերթիս յայտնեց, որ վաղը Գումգաբուի մէջ ցոյց մը պիտի կատարեն հերթական անգամ համայնքին ուշադրութիւնը հրաւիրելու համար այս խնդրին վրայ։
2015-2016 կրթական շրջանը հասաւ իր աւարտին։ Մեր վարժարաններու աշակերտները մեկնեցան ամրան արձակուրդի։ Մինչ այդ, այս մթնոլորտին մէջ, արդէն համայնքային կեանքէն ներս հետզհետէ արձագանգ կը գտնեն դպրոցներուն վերաբերեալ վարչական իրադարձութիւնները։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ 2015-2016 կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլը բնորոշուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ։ Դպրոցէն ներս տեղի ունեցան զանազան հանդէսներ, որոնք ամառնամուտի փուլին ոգեւորութեան առիթ հանդիսացան Ֆէրիգիւղի ամբողջ ընտանիքին տեսակէտէ։