ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳԻ ԲԱԺՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐԸ
Էսաեան վարժարանի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ միջնակարգի բաժնի այս տարուան շրջանաւարտներուն հրաժեշտի արարողութիւնը։ Ներկայ էին Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Էսաեան վարժարանի զոյգ տնօրէնուհիները՝ Սաթենիկ Նշան եւ Առլին Եշիլթէփէ, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ հիւրեր։