ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌԻՆ ԱՅՑԸ
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան երէկ յետմիջօրէին պատուեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրատունը։ Գերապայծառին կ՚ուղեկցէր Տ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրատեան։
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան երէկ յետմիջօրէին պատուեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրատունը։ Գերապայծառին կ՚ուղեկցէր Տ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրատեան։
Երուսաղէմի մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցին վերջերս Հին տոմարի համաձայն նշեց Տիրոջ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը։ Այս առթիւ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեամբ, Իսթանպուլէն դէպի Երուսաղէմ կազմակերպուեցաւ ուխտագնացութիւն։
Մխիթարեան վարժարանը 20-21 Յունուար թուականներուն յաջորդական կերպով տուն դարձաւ Բարեկենդանի աշակերտական խրախճանքներու: Քանի որ այս տարի Բարեկենդանը կը զուգադիպի դպրոցական կիսամեայ արձակուրդին, վարժարանի տնօրէնութիւնը յարմար տեսած էր Մեծ պահքի շրջանէն առաջ պատշաճ կերպով տօնա-խըմբել այս յատուկ զուարճութեան տօնը:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահականացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի սիրուած ու յարգուած դէմքերէն Ժիլպէռ Բարունակեան, որ երկար ժամանակէ ի վեր կը գտնուէր դարմանման տակ։ Ան տասնամեակներ շարունակ նուիրեալ ծառայութիւն մատուցած էր մեր հաւաքական կեանքէն ներս։
ԱՆՆԱ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
Իւրաքանչիւր ժողովուրդի կեանքը բնութագրող ամենաազնիւ ու հարուստ բնագաւառներէն է երգարուեստը: Հայ երգը ունի հազարամեակներու պատմութիւն՝ ընդգրկելով հոգեւորէն մինչեւ աշուղական, ժողովրդականէն՝ հայրենասիրական, դասականէն՝ քաղաքային ֆոլքլոր եւայլն:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն յայտնի ուտահարներ՝ հայր ու որդի Ռիչըրտ եւ Հերոլտ Յակոբեանները, որոնք վերջին օրերուն այցելեցին Իսթանպուլ։ Ծանօթ է, որ անցեալ շաբաթավերջին Պէյօղլուի մէջ, բարեկամական շրջանակէ ներս մեծարանքի հանդիսութիւն մը կազմակերպուած էր Ռիչըրտ Յակոբեանի համար։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի այնքան սիրուած ու յարգուած դէմքերէն մին՝ Կարպիս Ուղուրլուեան։ Իր սերունդի ամենայատկանշական դէմքերէն մին էր Կարպիս Ուղուրլուեան, որ թրքահայ կեանքէ ներս կը վայելէր թէ՛ մեծ համակրանք եւ թէ մեծ վստահութիւն։
Տիարպաքըրի մէջ մահկանացուն կնքեց քաղաքի վերջին հայերէն Սարգիս Էքէն, որ 25 օրէ ի վեր դարմանում կը տեսնէր «Տիճլէ» համալսարանի հիւանդանոցին մէջ։ 2014 թուականին ան կորսնցուցած էր իր 65 տարուան կողակիցը՝ Պայծառ Էքէնը, որու մահէն վերջ իր կեանքն ալ դուրս եկած էր բնականոն հունէն։
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան Գումգաբուի մէջ անդրադարձաւ շարք մը հրատապ համայնքային հարցերու:
«Յովակիմ 1461» նորահաստատ հիմնարկի պաշտօնական վաւերացումը վերջնականօրէն ապահովուեցաւ: Պատրիարքարանը անվճար պիտի կատարէ մէկ քահանայով յուղարկաւորութիւններն ու մկրտութիւնները: Ընդհանուր Փոխանորդը կը խոստանայ կրթաթոշակներ:
Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւնները առիթ հանդիսացան մեծ խանդավառութեան:
Աշակերտները օրուան յայտագրին ընթացքին հանդէս եկան «Յիշենք անցեալը, կերտենք ապագան» կարգախօսով՝ շեշտելով հայ դպրոցին առաքելութիւնը: