ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ԶԱՐԴԱՐԵՑԻՆ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՍՈՒՐԲ ԹԱԳԱՒՈՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏՕՆԱԾԱՌԸ
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ երէկ զարդարուեցաւ Կաղանդի տօնածառը։ Վերջին տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացով՝ եկեղեցի այցելեցին թաղի Արամեան-Ունճեան վարժարանէն խումբ մը սաներ։
Ամանորի ընդառաջ վերջին օրերուն Էսաեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ քէրմէս մը։ Երկօրեայ ծրագիր մըն էր այս մէկը, որ առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։
Պէյօղլուի Սուրբ Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին ղեկը ստանձնելու համար թեկնածութիւն առաջադրած՝ հեղինակաւոր դէմքերէ բաղկացեալ խմբաւորում մը:
Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ անցեալ կիրակի տեղի ունեցաւ յատկանշական իրադարձութիւն մը։ Այսպէս, Ատըեամանցի բարեսէր հայերու մշակոյթի եւ զօրակցութեան միութեան նախագահ Սատըք Պաքըրճըօղլուի ջանքերով կազմակերպուեցաւ Սուրբ Մկրտութեան խորհրդակատարութիւն մը, որով Թուրան Չէչէն եւ իր դուստրը՝ Տիճլէ Չէչէն մկրտուեցան Հայ Եկեղեցւոյ աւազանէն եւ դրոշմուեցան սրբալոյս միւռոնով։
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց երգչախումբը երէկ մասնակցութիւն բերաւ այս տարուան «Երգչախումբերու մարաթոն»ին։ «Աթաթիւրք» մշակոյթի կեդրոնին մէջ երգչախումբը հանդէս եկաւ խմբավար Սիպիլ Արսէնեանի մականին ներքեւ։
Համայնքային ընտրութիւններու գործընթացը երէկ շարունակուեցաւ՝ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի կազմը վերանորոգելու համար տեղի ունեցած քուէարկութեամբ։ Ընտրութենէն յաջողութեամբ դուրս եկաւ Կապոյտ ցուցակը, որ ընտրապայքարի մէջ մտած էր Կանաչ ցուցակին հետ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին համար կազմակերպուած տարեկան հանգանակութեան, որ տեղի ունեցաւ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս։
Հանգուցեալ Թադէոս Կիւնթէրի յիշատակին կազմակերպուած միջմիութենական նարտի մրցաշարքը այս տարի եւս համայնքային շրջանակներէն ներս արժանացաւ մօտիկ հետաքրքրութեան։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի երդիքին տակ Ամանորի ընդառաջ տեղի ունեցաւ աւանդական քէրմէս մը, որ առիթ դարձաւ արտասովոր խանդավառութեան։ Երկօրեայ ծրագիրը կեանքի կոչուեցաւ դպրոցի հոգաբարձութեան ջանքերով։
Համայնքային ընտրութիւններու գործընթացը վաղը պիտի շարունակուի՝ այս անգամ միակ կէտի մը համար։ Այսպէս, ընտրողները քուէատուփի մօտ պիտի փութան Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին նոր կազմը ընտրելու նպատակով։