ՎԵՀ. ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՏԻԱՐՊԱՔԸՐԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՏԵՆԱՊԵՏԸ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջին օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Վարդգէս Էրկիւն Այըքը, որ այցելեց Հայաստան։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջին օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Վարդգէս Էրկիւն Այըքը, որ այցելեց Հայաստան։
Պիւյիւքտէրէի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին ղեկը ստանձնելու իրաւունք շահեցաւ Կապոյտ ցանկը:
Համայնքը ամուր կամք արտայայտեց, որպէսզի այլեւս գայթակղութիւններու եւ վիճելի քայլերու էջը վերջապէս շրջուի:
Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ հասարակութիւնը շաբաթավերջին քուէատուփի մօտ փութաց՝ իր հաստատութիւններուն նոր մատակարար մարմինները ընտրելու համար։ Այսպէս, Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան եւ վարժարանի նոր մատակարար մարմինն ալ յառաջիկայ շրջանին պաշտօնի պիտի կոչուի՝ երէկուան ընտրութեան արդիւնքին հիման վրայ։
Շիշլի մարզակումբէն այս օրերուն դարձեալ դրական լուրեր կը հասնին։ Այսպէս, ի շարունակութիւն ակումբի վարչութեան հետեւողական ջանքերուն՝ Շիշլիի պասքեթպոլի եւ վոլէյպոլի կազմերը կը բաղկանան ակումբէն հասած մարզիկներէ։
Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան գործընթացէն ներս վաղը տեղի պիտի ունենայ նաեւ Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան եւ վարժարանի մատակարար մարմնի ընտրութիւնը։ Սպիտակ եւ Կապոյտ ցուցակները ընտրապայքարի մէջ են այս մատակարար մարմնի ղեկը ստանձնելու համար։
Համայնքային վարժարաններու այժմու կամ վաստակեալ խումբ մը տնօրէններ վերջերս ընթրիք մը կազմակերպեցին՝ ի պատիւ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի նախկին տնօրէնուհի Արփի Մանուկեանի։ Ծանօթ է, որ Արփի Մանուկեան բազմամեայ պաշտօնավարութենէն վերջ հերթը փոխանցած էր դպրոցի այժմու տնօրէնուհիին՝ Սեսիլ Նարօտ Քարահիսարիտիսին։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուն եւ իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։
Մխիթարեան վարժարանի երգչախումբը նախընթաց երեկոյեան մասնակցեցաւ՝ Աւստրիոյ աւագ հիւպատոսութեան Մշակոյթի կեդրոնին կողմէ կազմակերպուած Ս. Ծննդեան աւանդական համերգին։ Հիւպատոսարանի համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որուն հետեւեցան կոկիկ թիւով երաժշտասէրներ։
Համայնքային ընտրութիւններու գործընթացը կը շարունակուի այս շաբաթավերջին։ Վաղը հերթական քուէարկութիւնը տեղի պիտի ունենայ Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի կազմի վերանորոգման համար։
Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ղեկը ստանձնելու համար թեկնածութիւն առաջադրած կազմը:
Թեկնածուները կը նախատեսեն յառաջիկայ շրջանին կեդրոնանալ դպրոցի մակարդակի բարձրացման նպատակին վրայ: