ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԱՅՑ՝ ԱՆԹԱԼԻՈՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի տնօրինութեամբ, Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան մեկնեցաւ Անթալիա՝ կիրակնօրեայ պաշտամունքի եւ տեղւոյն հայ համայնքի հաւատացեալներուն հետ մէկտեղուելու համար։
Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ղեկը ստանձնելու համար թեկնածութիւն առաջադրած Կապոյտ ցուցակի ներկայացուցիչները երէկ խմբագրատունս այցելեցին՝ շաբաթավերջին նախատեսուած քուէարկութեան ընդառաջ։ Այս խմբաւորումը համայնքին կը ներկայանայ «Սիրոյ միութիւն» անուանումով։
Ցաւով վերահասու եղանք, թէ Կէտիկփաշայի Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբի բազմամեայ խմբավար Գէորգ Չաղլըչուպուքճու ունեցած է ուղեղային խռնում մը։ Ան անմիջապէս դարմանման տակ առնուած է հիւանդանոցի մէջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Անառակի կիրակիի Ս. Պատարագին, զոր մատոյց Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան եկեղեցւոյ Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ։
Կեդրոնական վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ընտանեկան ջերմ հաւաքոյթ մը։ Այսպէս, դպրոցի երդիքին տակ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ համախմբուեցան Կեդրոնականի ընտանիքի պատասխանատուներն ու քանի մը խորհրդանշական դէմքերը։
Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան ընդառաջ թեկնածու խումբերը արդէն սկսած են քարոզչական աշխատանքի։ Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ «Լուսաւոր ապագայ» խմբակին հաւաքը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պէսքիսիզեանը, որ իր բարձրագոյն ուսումը կը շարունակէ Եւրոպայի մէջ։ Ան, միեւնոյն ժամանակ, Պելժիոյ մէջ Լիէժի եւ շրջակայքի ծուխին հոգեւոր հովիւն է։
Թուրքիոյ հարաւը, արեւելքը եւ հարաւ-արեւելքը ամբողջութեամբ ցնցած իրերայաջորդ աղէտալի երկրաշարժներէն վերջ, լրջօրէն վնասուած են նաեւ երկրի բազմաթիւ քաղաքներու սրբավայրերը։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւորապէս Հաթայի կացութիւնը առանձնայատուկ ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ։
Մարտի 12-ին նախատեսուած Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութիւններուն ընդառաջ համայնքային շրջանակներէն ներս ուշադրութիւնը հետզհետէ կը բարձրանայ այս մօտալուտ կարեւոր իրադարձութեան նկատմամբ։ Արդէն վեց խումբեր թեկնածութիւն առաջադրած են՝ յաւակնելով թաղային խորհուրդի ղեկը ստանձնելու յառաջիկայ հնգամեայ ժամանակաշրջանին։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթի ներկայացուցիչները։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին միութեան վարչութեան ատենապետուհի Վարդուհի Մսըրլեան, համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան եւ «Մարալ»ի երիտասարդ տարրերէն Պուրակ Էրիքին։