ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿԻ ՊԱՏԳԱՄԸ
ՍԱՀԱԿ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔ
Ահաւասիկ մեր եկեղեցիներու զանգերը զատկական ցնծութեամբ նորէն կ՚աւետեն Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութիւնը: Եօթը շաբաթներէ ի վեր աղօթքով, ապաշխարութեամբ, ծոմապահութեամբ, բազմաթիւ եկեղեցիներ տրուած ուխտի այցելութիւններով, ողորմութիւններով, նուիրատուութեամբ եւ նման հոգեւոր վարժութիւններով պատրաստուեցանք Սուրբ Զատկին՝ մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան փառաշուք տօնին:
Համահայկական խաղերը այսուհետեւ պիտի կազմակերպուին երկու տարին անգամ մը՝ ամրան եւ ձմրան:
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ Սուրբ Զատկի առթիւ ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ Աշակերտները տօնական շրջանը արժեւորեցին զանազան ձեռնարկներով։
Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի արարողութիւն, որուն հանդիսապետեց Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։ Թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանէն սաներ մասնակցեցան այս հոգեպարար արարողութեան, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան եւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան։
Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահը այցելութիւն մը կու տայ Իսթանպուլ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն երկու միաբան՝ Տ. Ներսեհ Վրդ. Խալաթեանն ու Տ. Մինաս Աբեղայ Հախվերտեանը։
Հայաստանի սփիւռքի գործերով գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան վերջին օրերուն ցաւակցական մը ուղարկած է նորոգ հանգուցեալ մարզական գործիչ Նազար Հանչէրի ընտանիքին։ Ծանօթ է, որ Նազար Հանչէրի անժամանակ կորուստը վերջերս մեծ ցաւ ստեղծած էր համայնքային շրջանակներէն ներս։
Մխիթարեան վարժարանէն ներս անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներու Ս. Զատկի հանդէսը։ Դպրոցի սրահի երդիքին տակ ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ։
Պետրոս Շիրինօղլու խօսեցաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ընտրութեան շուրջ:
Ցաւով մեր ընթերցողներուն կը տեղեկացնենք, թէ շաբաթավերջին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ գործողութեան մը ենթարկուած է թերթիս վեթերան սիւնակագիրներէն Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեան։ Դժբախտաբար, բնակարանին մէջ վերջին օրերուն ան վատ զգացած է եւ իր մօտ ախտաճանաչուած է կոնքի ոսկորի բեկանում։