Թրքահայ կեանք

ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՄԻՋԻՆՔԻ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Մեծ պահոց Միջինքին առթիւ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, թաղի Տատեան վարժարանի ընթացաւարտ դասարանին համար: Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ վարժարանի տնօրէնութեան գլխաւորութեամբ՝ ուսուցչաց կազմը:

ԿՂԶԵԱՑ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր ընդունեց Կղզեաց նորընտիր թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ Լեւոն Շատեանի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր ընդունեց Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Պերճ Գուզիքօղլուն, որ Պատրիարքարան փութացած էր Նորին Ամենապատուութեան ուշադրութեան յանձնելու Գուրուչէշմէի եկեղեցւոյ կացութիւնն ու ծրագիրները։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Տ. ՊՕՂՈՍ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՊԱՐՈՆԵԱՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր հիւրընկալեց Տ. Պօղոս Աւ. Քհնյ. Պարոնեանը, որ նախկին պոլսահայ մըն է եւ ձեռնադրուած ու օծուած է երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի ձեռամբ։

ՇԻՇԼԻՑԻՆԵՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ՊԷՅՕՂԼՈՒ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆԻՆ

Շիշլի մարզակումբը անցեալ շաբաթավերջին Կեդրոնական սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ կազմակերպեց արագ ճատրակի մրցաշարք մը, որու հասոյթը կը տրամադրուի աղէտեալներուն։ Երկրաշարժին յաջորդած մթնոլորտին մէջ Շիշլիի վարչութիւնը յանձնառութիւնով հանդէս եկած է՝ աղէտեալներուն զօրակցելու նպատակով։

ԵՒ ՍՊԻՏԱԿ ԷՋ ՄԸ…

Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին ընտրութիւնը եկաւ անկիւնադարձ մը բնորոշել թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի արդի տարեգրութեանց մէջ:
«Լուսաւոր ապագայ»ի յոյսով ու վստահութեամբ:
6 ընտրատեղամասերէ ներս 5524 հոգի մասնակցեցաւ քուէարկութեան: Վաւերական 5550 ձայներէն 2984-ը ստացաւ Աքսել Թոփալեանի գլխաւորած ճերմակ ցանկը: Շէյտա Նանեանի առաջնորդած դեղին ցուցակն ալ 1128 քուէ ապահովելով՝ արձանագրեց նկատելի յաջողութիւն մը: Համայնքը աչալրջութեամբ կանխեց՝ թեկնածուական խումբերու բազմազանութիւնով յառաջանալիք հաւանական անակնկալները:

ՃԻՆՃԻՕՂԼՈՒԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

Յայտնի նկարչուհի Գարին Ճինճիօղլու այս օրերուն բացած է ցուցահանդէս մը, որ տեղի կ՚ունենայ Նշանթաշըի «ART 212» գեղարուեստասրահին մէջ։ Հարկ է նշել, որ այս ցուցահանդէսին հասոյթը պիտի տրամադրուի Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին։

ՎԱՂԸ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՍՈՒՐԲ ԵԿԵՂԵՑԵԱՑ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

Համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը այս շաբաթավերջին կեդրոնացած է Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան վրայ։ Քուէարկութիւնը տեղի պիտի ունենայ վաղը։ Իսթանպուլի Բ. ընտրաշրջանէն ներս համայնքի անդամները քուէատուփի մօտ պիտի փութան՝ ընտրելու համար նոր թաղային խորհուրդը։

Էջեր