ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՅ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Պաքըրգիւղի ընտանիքը Ամանորի շրջանին մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ՝ Տատեան վարժարանի երդիքին տակ կազմակերպուած հանդէսներով եւ այլ զանազան ձեռնարկներով։ Դպրոցէն ներս ստեղծուեցաւ փառատօնի մը մթնոլորտը։
Գարակէօզեանի ընտանիքը Նոր տարին դիմաւորեց աւանդական բացօթեայ խրախճանքով մը, որ տեղի ունեցաւ դպրոցի պարտէզին մէջ։ Իսկապէս շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ անցաւ այս երեկոյթը, որուն մասնակցեցան Խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ իր գործակից ընկերները, վարժարանի վարիչները, ուսուցչական կազմէն ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ մեր համայնքի բազմաթիւ անդամներ։
Գալֆաեան Տան եւ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին ի նպաստ կարեւոր նախաձեռնութիւն:
Թոփգաբուի ընտանիքը Ամանորը դիմաւորեց Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի աշակերտներու խանդավառ հանդէսով։ Թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլքքան» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որ համախմբեց թաղային խորհուրդի անդամները, դպրոցի տնօրէնուհին եւ ուսուցչական կազմը, յարակից մարմիններու ներկայացուցիչները, աշակերտներու ծնողներ եւ հիւրեր։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԿՈՊԷԼԱՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ներկայ տարեմուտին պիտի այցելէ Երուսաղէմ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գահակալութեան շրջանին առաջին անգամ պիտի մեկնի Սուրբ Քաղաք։
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս 2023 թուականին պիտի նշուի յատկանշական յոբելեան մը։ Այսպէս, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբը կը նշէ իր 90-ամեակը։
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը վառ յոյսերով եւ անկեղծ բարեմաղթութիւններով կ՚ողջունէ 2023 թուականը:
«Արաս» հրատարակչութիւնը ներկայ տարեմուտին հայերէն բանաստեղծութիւններու նոր գիրք մը դրած է հայ գրականութեան համակիրներու տրամադրութեան տակ։