ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։
Կը տեղեկանանք, որ Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ վերջերս գումարուած է «Հայճար»ի հերթական ժողովը։ Այս 9-րդ համագումարին մասնակցութեան համեմատութիւնը եղած է բարձր՝ քանի ան կը յաջորդէր համավարակի շրջանին։
Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Մեր հայեր» նորաստեղծ միութեան ծանօթացման ընդունելութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, «Մեր հայեր»ը համավարակի շրջանին ստեղծուեցաւ՝ որպէս ընկերային օժանդակութեան շարժում։
Գարակէօզեան Տան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին տեղի ունեցան միջվարժարանային աւանդական մտախաղերը։ 11-րդ անգամ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որ կազմակերպուեցաւ համագործակցութեամբ՝ Թուրք ուղեղի խումբի եւ Մտախաղերու կազմի։
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ Ս. Զատիկը նշուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ։ Այսպէս, դպրոցէն ներս սարքուեցաւ տօնական սեղան մը՝ մինչ աշակերտները գործադրեցին գեղարուեստական յայտագիր։
Շիշլի մարզակումբը կը շարունակէ իր փայլուն երթը բոլոր ուղղութիւններով։ Ակումբի ձմրան դասընթացքները կ՚ընթանան խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը երէկ երեկոյեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը՝ Ֆուլիայի գեղարուեստասրահին մէջ։ Բառին բուն իմաստով փառապանծ երեկոյթ մըն էր այս մէկը, որու մասնակիցները ունեցան անմոռանալի տպաւորութիւններ։
Պատրիարքարանը կը շարունակէ շնորհաւորութիւններ ընդունիլ Ս. Յարութեան տաղաւարին առթիւ:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ տեսակցեցաւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաքը, որուն կ՚ընկերանային իր գործակիցներէն Տիանա Ալթուն եւ Արթօ Փեհլիվանեան։
Կը տեղեկանանք, որ «Մեր հայեր» ընկերային զօրակցութեան խմբաւորումը այս շրջանին որոշած է նոր հարթութեան մը վրայ դնել իր գործունէութիւնը։ Վերջերս, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու «Մեր հայեր»ու ներկայացուցիչներէն Նաթալի Ճէպէճին, Յակոբ Գազանճեանը, Վարդանոյշ Պաքին եւ Վարուժան Էօզպաղը։