ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ՀԱՅՃԱՐ-Ի ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ, ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՇՈՏ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ ՀԵՂԻՆԱԿԱԾ՝ ԱՐՔՈՒՆԻ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ՊԱԼԵԱՆ ԳԵՐԴԱՍՏԱՆԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ԳԻՐՔԻ ԹՐՔԵՐԷՆ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԵԱՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ
Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ յատկանշական ձեռնարկ մը, որ համախմբեց բազմաթիւ մշակութասէրներ եւ ընթերցասէրներ։ Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի արդի պայմաններուն տեսակէտէ փայլուն երեկոյթ մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին սրահին մէջ ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն եւ կարծիքի փոխանակումներու աշխոյժ մթնոլորտ։