Եկեղեցական

ՆՈՐԱՕԾ Տ. ԹԷՈԴՈՐՈՍ ԵՊՍԿ. ԶԱՔԱՐԵԱՆ ԵՒ Տ. ԿՈՐԻՒՆ ԵՊՍԿ. ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ԴԻՄԱՒՈՐՈՒԵՑԱՆ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՍՐԲՈՑ ՅԱԿՈԲԵԱՆՑ ՀԱՅՈՑ ՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ եպիսկոպոս ձեռնադրուած Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամները վերադարձան Սուրբ Քաղաք։ Նորաօծ եպիսկոպոսները մեծ խանդավառութեամբ ու աւանդական շուքով դիմաւորուեցան հայոց վանքէն ներս։

ՊԵԼԺԻՈՅ ԿԵՐԱՐՏՍՊԵՐԿԵՆ ՔԱՂԱՔԻՆ ՄԷՋ ՆՈՐԱՍՏԵՂԾ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔ

Արեւմտեան Եւրոպայէն ներս նոր համայնքներու ձեւաւորման գործընթացը կը շարունակուի՝ վերջին տարիներուն՝ մասնաւորապէս Պելժիոյ եւ Հոլանտայի մէջ հաստատուած հայերու վերակազմակերպումով։ Այսպէս, Պելժիայէն ներս, Կերարտսպերկենի եւ շրջակայքի հայութիւնը արդէն նոր համայնք մը ստեղծած է։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԱՍՈՐԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌԱՑ ԻԳՆԱՏԻՈՍ ԵՓՐԵՄ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Ասորի Ուղղափառ դաւանակից եկեղեցւոյ Իգնատիոս Եփրեմ Բ. Պատրիարքը, որուն հետ ողջագուրուեցաւ եղբայրաբար։ Հիւր պատրիարքը Իսթանպուլ կ՚այցելէ՝ ասորի ուղղափառ համայնքի՝ Եշիլգիւղի Ս. Եփրեմ նորակառոյց եկեղեցւոյ պաշտամունքի բացման եւ անդրանիկ Ս. Պատարագին առթիւ։

«ՀԵՐԹԸ ՏԱՒՈՒՇԻՆՆ Է»

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Տաւուշի թեմակալ առաջնորդ Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեան երէկ պատմական Մակարավանքին մէջ նախագահեց կիրակնօրեայ արարողութիւններուն, որոնց ընթացքին խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ «Ես ձեզի յստակ կ՚ըսեմ՝ հերթը Տաւուշինն է։

ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ՄԵԿՆԱՐԿԸ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Շաբաթավերջի Ս. Թարգմանչաց վարդապետաց տօնը եկաւ միեւնոյն ժամանակ բնորոշել Հայ մշակոյթի շաբթուան սկիզբը։ Երէկ առաւօտ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան պատարագեց եւ քարոզեց։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին շաբաթավերջին նշեց Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետաց տօնը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս առթիւ արարողութիւններուն նախագահեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԱՍՈՐԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌԱՑ ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՆՈՐԱԿԱՌՈՅՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

Թուրքիոյ Ասորի ուղղափառ համայնքը երէկ ապրեցաւ յատկանշական օր մը։ Եշիլգիւղի նորակառոյց Մոր Էֆրեմ (Ս. Եփրեմ) Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ երէկ մատուցուեցաւ անդրանիկ Ս. Պատարագը։

Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐԸ ՅԵՏԱՁԳՈՒԵՑԱՆ

Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850-րդ տարելիցին առթիւ Հռոմի մէջ նախատեսուած ձեռնարկները յետաձգուեցան անորոշ ժամանակով։ «Աստուածային շնորհաց հայոց առաքեալ» կարգախօսով մշակուած ծրագիրը կեանքի պիտի կոչուէր Հայաստանեայց Առաքելական եւ Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցիներու համատեղ նախաձեռնութեամբ, օրհնութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին, Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Քահանայապետին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-պատրիարքին։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ԱՅՑԸ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Անդրկովկասէ ներս Վատիկանի Սուրբ Աթոռի առաքելական նուիրակ Ժոզէ Աւելինօ Պեթանքուր Արքեպիսկոպոսը, որ իր առաքելութեան ժամկէտի աւարտին հասած է։ Հրաժեշտի հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը ջերմօրէն ողջունեց պապական նուիրակը եւ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց անոր կողմէ երկու աթոռներու փոխյարաբերութիւններու առաւել սերտացման ուղղեալ ջանքերուն համար։

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ ՄԱՀԱՑԱԾ Է՝ ՆԱԽԿԻՆ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՇԱՀԱՆ ՍՐԿ. ՔԷՕՍԷԵԱՆ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Երուսաղէմի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Շահան Սրկ. Քէօսէեան։ Ան նախկին պոլսահայ մըն էր, որ երկար տասնամեակներէ առաջ մեկնած էր Սուրբ Քաղաք։

Էջեր