ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը Ս. Պատարագի ընթացքին։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան վաղը վարդապետական գաւազան պիտի ստանայ Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց պատմական վանքի կամարներուն ներքեւ։ Ինչպէս ծանօթ է, ան այս օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կը գտնուի՝ ընկերանալով Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի, որ կը մասնակցի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանին՝ բարձր նախագահութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խոր ցաւով վերահասու դարձանք, թէ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս ի Տէր հանգած է Տ. Տաթեւ Աւ. Քհնյ. Թաթուլեան։ Պըրպենքի առաջնորդարանի աղբիւրները ցաւով հաղորդեցին տէր հօր վախճանը՝ ընդգծելով, որ այս տարի պիտի լրանար իր հոգեւոր ծառայութեան 50-ամեակը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ մեկնեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կ՚ընկերանայ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ