ԱՌ ՔՐԻՍՏՈՍ ՀԱՒԱՏԸ
«Իր ծառայութեան մէջ եպիսկոպոսը կոչուած է նմանելու մեր Տիրոջ եւ իր վրայ վերցնելու անոր քաղցր լուծը»:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին պատգամը նորաօծ սրբազաններուն. «Մեր նախնեաց պէս արթուն պահապանը եղէք հոգեւոր ու ազգային մեր արժէքներու եւ սրբութիւններու։ Առաջնորդեցէք մեր ժողովուրդը աստուածապատուէր շաւիղներով հայրենիքի լուսաւոր ու ապահով գալիքը կերտելու տեսլականով»: