Եկեղեցական

ՂՊՏԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ ՀԻՒՐԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին ընդունեց Ղպտի ուղղափառ եկեղեցիէն պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ Տ. Տաւուտ Լամէյ Աւ. Քահանայի։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն Նիւ Եորք վերադարձէն ի վեր մեծ համակրանքի եւ զօրակցութեան առարկայ կը դառնայ։ Նորին սրբազնութիւնը վերջերս Նիւ Եորքի Ս. Վարդան առաջնորդանիստ մայր տաճարին մէջ մատոյց իր առաջին Ս. Պատարագը։

Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

Այսօր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գահակալութեան տարեդարձն է։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին, աշխարհացրիւ իր հօտով, իր ամբողջութեան մէջ, կը նշէ ընդհանրական հայրապետին գահակալութեան տարեդարձը։

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ԱԹՈՌԸ ՉԵՂԵԱԼ ՀՌՉԱԿԵՑ՝ ԱԶԳԱՊԱՏԿԱՆ «ԿՈՎԵՐՈՒ ՊԱՐՏԷԶ» ԿԱԼՈՒԱԾԻ ՎԱՐՁԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԱՐՔԸ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը չեղարկեց «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածի վարձակալութեան գործարքը։ Սուրբ Աթոռի դիւանապետ Տ. Աղան Աբեղայ Գոգճեան երէկ ընկերային ցանցերու միջոցաւ այս կապակցութեամբ պաշտօնական ամփոփ տեղեկութիւն մը հրապարակեց։

ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԽՆԱՅԵԼ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կարեւոր յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի մթնոլորտին մէջ։ Այս շրջանին Ուքրայնայէ ներս օրակարգի վրայ է Ուղղափառ եկեղեցւոյ գործունէութեան կասեցումը։

ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՄԻՇՏ ԱՇԽՈՅԺ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի նստաշրջան:
Հայաստանի յետպատերազմեան առկայ մարտահրաւէրներն ու Արցախէն տարհանեալ հայերու կարիքները միշտ անմիջական ուշադրութեան առարկայ:

ԴԱՒԱՆԱԿԻՑ ԵԿԵՂԵՑԻԷ ՀԻՒՐԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Էրիթրէի եկեղեցիէն պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ Եւրոպայի առաջնորդ Ապունա Փաուլոս Եպիսկոպոսի եւ ընկերակցութեամբ Տ. Զէրիսենայ Աւագ Քահանայի։

Էջեր