ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԱՅՍ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԱԾ Է ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այս կիրակի նախատեսուած է եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն։ Թէեւ անցեալ շաբաթավերջի յետաձգեալ Միւռոնօրհնութիւնն ու եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը նախապէս մշակուած օրացոյցով զուգահեռ, նոյն ամբողջին մէջ պիտի կատարուէին, սակայն, իրադարձութիւնները բոլորովին այլ հունով ընթացան։