ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՒԵՏԻՍԸ
ԿՈՐԻՒՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ
Կեանքի տեւողութեան շարունակ կը հետեւինք ու կը վազենք ամէն տեսակի շահու ետեւէ. կ՚ուզենք շահիլ դրամ, կ՚ուզենք շահիլ յաջողութիւն, կ՚ուզենք շահիլ մէկու մը սէրը, կ՚ուզենք շահիլ մէկու մը բարեկամութիւնը եւ զանազան բաներ, որոնցմով կը կարծենք, թէ պիտի երջանկանանք։
Տէր Յիսուս Քրիստոսի խոնարհութեան ու հեզութեան անանց ու անժամանցելի պատգամը երէկ հերթական դրսեւորումը ունեցաւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի սրբազան կամարներուն ներքեւ։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հանդիսապետեց Ոտնլուայի կարգի։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) «Բացայայտէ Հայաստանը» ծրագրին մասնակից սփիւռքահայ երիտասարդներ։
Աւագ շաբթուան հոգեպարար արարողութիւններէն Տասն կուսանաց յիշատակութիւնը երէկ մեր եկեղեցիներուն մէջ համախմբեց հոծ թիւով հաւատացեալներ։
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Տասն կուսանաց յիշատակութեան արարողութիւնը՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Ծաղկազարդի տօնը բնորոշուեցաւ արտասովոր խանդավառութեամբ։ Արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան, որ մատոյց Ս. Պատարագը եւ տուաւ օրուան պատգամը։