ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԵԱՄԲ ՆՇԵՑ Ս. ԶԱՏԻԿԸ

Թոփգաբուի ընտանիքը Ս. Յարութեան տօնը շաբաթավերջին անցուց ընտանեկան համախմբման մթնոլորտին մէջ։ Թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ տաղաւարի առթիւ պատարագեց եւ խրատականը խօսեցաւ Տ. Շիրվան քհնյ. Միւրզեան։ Թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի աշակերտներն ալ մասնակցեցան տօնական արարողութիւններուն։

Հուսկ, բոլորը զիրար ողջունեցին՝ փոխանակելով անկեղծ բարեմաղթանքներ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2026