ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ՅՈՅՍԸ
Երէկ, Հայց. Առաքելական Եկեղեցին աւանդական շուքով եւ հոգեւոր հրճուանքի մթնոլորտով նշեց Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնը։ Ինչպէս ամէն տարի, համայն աշխարհի հայութեան ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վրայ, ուր տաղաւարի առթիւ հայրապետական մեծահանդէս Ս. Պատարագ մատոյց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Հակառակ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ դիմագրաւած առկայ հալածանքներուն, հաւատացեալ ժողովուրդը լեցուց եկեղեցիները՝ մինչ օրուան ընթացքին հազարաւոր հաւատացեալներ այցելեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Միասնութեան յոյսը փայփայուեցաւ բոլոր աղօթքներու ընդմէջէն։
Միւս կողմէ, Հայաստանէ ներս ծագած իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան պայմաններուն ներքեւ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Ս. Պատարագի մասնակցեցաւ Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, ուր կը պատարագէր Տ. Անուշաւան եպսկ. Ժամկոչեան, որ վերջին շրջանի տիրադաւներու շարքին է։