Եկեղեցական

ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՄԷՋ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ ոգեկոչուեցաւ Պատրիարքական Աթոռի երջանկայիշատակ գահակալներէն Տ. Իգնատիոս Արքեպիսկոպոս Քաքմաճեան, որ գաւազանագիրքին մէջ կ՚առանձնանայ՝ միայն տասներկու օր գահակալած ըլլալով։

ՎԱՐՇԱՒԻՈՅ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան շաբաթավերջին մասնակցեցաւ Վարշաւիոյ նորանշանակ մետրապոլիտ Ատրիան Ժոզէֆ Կալպասի գահակալութեան արարողութեան։

ՊԻՒՅԻՒՔՏԷՐԷԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց՝ պաշտամունքի վերաբացման յաջորդած անդրանիկ Ս. Պատարագին, որու ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը։ Պատարագիչն էր Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Զաքէոս Ծայրագոյն Վարդապետ Օհանեան եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայա։

ԱԼԹԸՄԷՐՄԷՐԻ Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին Ալթըմէրմէրի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը։

ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Ս. ՅԱԿՈԲԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Մինչ շաբաթավերջին Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի յիշատակի տօնը կատարուեցաւ, երէկ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ իր մասունքներու աջով բարեխօսութեան աղօթք՝ մասնակցութեամբ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի մանկապատենական կազմի անդամներուն։

Ս. ՅԱԿՈԲԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԵՆԷՆ ՆԵՐՍ

Թաքսիմի Ս. Յովհան Ոսկեբերան հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ երէկ կատարուեցաւ Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի յիշատակութեան տօնակատարութիւնը։ Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանի պատրիարքական կառավարիչ Հ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան նախագահեց արարողութիւններուն, որոնց մասնակցեցաւ նաեւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։

ՊԻՒՅԻՒՔՏԷՐԷԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՕԾՈՒՄ ԵՒ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒՄ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ օծման ու պաշտամունքի վերաբացման արարողութեան, որով ստեղծուեցաւ հոգեւոր հրճուանքի մթնոլորտ։

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ

Իսրայէլի ներքին գործոց նախարարութեան եւ կրօնից նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, երէկ, Երուսաղէմի «Ռամատա» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ կարեւոր հաւաքոյթ մը։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Տ. ԱՐՏԱԿ ԱԲԵՂԱՅ ՏԻՒՇԷՆԵԱՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամներէն Տ. Արտակ Աբեղայ Տիւշէնեանը, որ պոլսահայ մըն է։

ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ԼԱՆՋԱԽԱՉԵՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի արարողութիւն մը։ Այսպէս, Հայրապետական սրբատառ կոնդակով վարդապետական լանջախաչ շնորհուեցաւ չորս քահանայ հայրերու, որոնք երկար տարիներէ ի վեր հետեւողական ու նուիրեալ աշխատանք կը տանին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան համակարգէն ներս։

Էջեր