ՄԻՇՏ ԳՐԳՌՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի մէջ յառաջիկայ ամրան նախատեսուած Խորհրդարանական ընտրութեան ընդառաջ, իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան ծանր դրսեւորումները կը շարունակուին: Համայն հայութեան մօտ խոր մտահոգութիւն կը յառաջացնեն իրադարձութիւնները, որոնք, դժբախտաբար, օր ըստ օրէ կ՚ահագնանան: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը վերջերս հրապարակեց իր նախընտրական ծրագիրը, որմէ անմասն չէ մնացած եկեղեցւոյ դէմ որդեգրուած նպատակներուն յամառօրէն հասնելու մտադրութիւնը՝ ներառեալ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի գահընկէցութիւնը:
Առկայ իրավիճակին մէջ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը հերթական յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ՝ դատապարտելով կացութիւնը: Ստորեւ կը ներկայացնենք Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական համակարգին կողմէ հրապարակուած յայտարարութիւնը:
*
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը խստօրէն կը դատապարտէ «Քաղաքացիական պայմանգիր» կուսակցութեան նախընտրական ծրագրին մէջ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ վերաբերեալ մերժելի դրոյթներու ընդգրկումը:
Կուսակցութեան նախընտրական ծրագրին մէջ Եկեղեցւոյ բարենորոգման, կանոնադրութեան վերանայման, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հեռացման եւ կաթողիկոսական նոր ընտրութիւններու կատարման պարտադրուող օրակարգի ամրագրումը սահմանադրական կարգի, Եկեղեցւոյ ինքնակառավարման իրաւունքի, ինչպէս նաեւ խղճի ու կրօնի ազատութեան միջազգային հիմնարար սկզբունքներու բացայայտ ոտնահարում է:
Եկեղեցւոյ դէմ ակնյայտ ապօրինի գործողութիւնները շարունակելու նախընտրական խոստումներով անգամ մը եւս կը դրսեւորուի իշխող քաղաքական ուժի գաղափարախօսութեան հակաեկեղեցական ամբողջ էութիւնը եւ նպատակը:
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ հազարամեայ առաքելութիւնը, անոր սրբազան աւանդութիւններն ու հոգեւոր կեանքը պէտք չէ քաղաքական շահարկումներու առարկայ դառնան: Ինչպէս Մայր Աթոռը քանիցս հաստատած է, կաթողիկոսի ընտրութիւնը եւ եկեղեցական անդաստանէ ներս որեւէ բարեկարգում բացառապէս հոգեւոր-կանոնական տիրոյթի մէջ են, ուստի եւ դուրս են քաղաքական կուսակցութիւններու եւ պետական իշխանութիւններու իրաւասութիւններէն:
Որդեգրուած օրինախախտ գործելաոճը ազգավնաս է եւ բացարձակապէս անթոյլատրելի: Սա կը հակասէ մեր աշխարհասփիւռ ժողովուրդի շահերուն, կը վտանգէ ազգային արժեհամակարգի հիմքերը եւ կը խաթարէ հոգեւոր անվտանգութիւնը: