ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԱՊԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց քաղաքիս Լատին կաթոլիկ համայնքի վիճակաւոր, պապական փոխանորդ Մասսիմիլիանօ Փալինուրօ եպիսկոպոսը։ Գումգաբուի մէջ երկու հոգեւոր առաջնորդները ջերմօրէն ողջագուրուեցան Սուրբ Զատկի տօնին առթիւ։ Կաթոլիկ եպիսկոպոսը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր դիտել տուաւ, որ նախօրէի շնորհաւորական հաւաքոյթէն ակամայ բացակայած էր եւ փափաքած էր առանձին այցելութեամբ շնորհաւորութիւններ ու բարեմաղթանքներ յղել՝ Սուրբ Յարութեան տաղաւարին առթիւ։ 

Նորին Ամենապատուութիւնը, որու կողքին էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քհնյ. Տամատեան, շնորհակալութիւն յայտնեց կաթոլիկ եպիսկոպոսի այս վերաբերմունքին համար։ Հուսկ, անոնք ընդգծեցին իրենց բարեմաղթանքը, որպէսզի աշխարհի վրայ տիրէ խաղաղութիւն եւ համայն քրիստոնէութիւնը յոյսով տոգորուի ներկայ տօնական շրջանին։

Շաբաթ, Ապրիլ 11, 2026