ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ՌԵՆՈՎԱՊԻՍ» ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «Ռենովապիս» բարեգործական կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը, որու գլուխը կը գտնուէր գլխաւոր գործադիր տնօրէն տքթ. Հայր Թոմաս Շուարց։ Պատուիրակութեան կազմին մէջ էին Եւրոպայի զանազան լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ։ Հայր Թոմաս Շուարց Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց իրեն ընկերակից պատուիրակութեան անդամները։ Ան ընդգծեց, որ անոնք Հայաստան այցելած են՝ տեղուոյն վրայ ծանօթանալու համար երկրի առկայ իրավիճակին եւ եկեղեցական ու հասարակական կեանքի առկայ իրողութիւններուն։
Ողջունելով հիւրերը՝ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց պատուիրակութեան այցելութիւնը Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Ան անդրադարձաւ Հայոց Եկեղեցւոյ՝ հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս կարեւոր դերակատարութեան։ Վեհափառ Հայրապետը արձանագրեց, որ պատմութեան ամենադժուար պահերուն եկեղեցին հոգեխնամ եւ ազգապահպան առաքելութեամբ առաջնորդած է ազգը՝ հաւատով եւ յոյսով դիմագրաւելու բոլոր մարտահրաւէրները։ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի եւ տարածաշրջանի մէջ առկայ մարտահրաւէրներուն եւ իրադարձութիւններուն։
Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց հիւրերու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններուն, Հայաստանեայց Առաքելական եւ քոյր եկեղեցիներու փոխյարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ Արցախէ տեղահանուած հայերու պարագային եկեղեցւոյ կողմէ ձեռնարկուած ընկերային ծրագրերուն։