Եկեղեցական

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԱԾ-Ն ԵՒ ՈՍՏԻԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՍ ԱՌԱՒՕՏ ՆԵՐԽՈՒԺԵՑ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Հայաստանի մէջ եկեղեցի-պետութիւն հակադրութիւնը թեւակոխեց նոր հանգրուան մը։ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) պաշտօնեաները այս առաւօտ ներխուժեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ ձերբակալելու համար Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանը, որ նախօրէին երկրէն ներս ռազմական յեղաշրջման մը անհրաժեշտութեան մասին խօսած էր եւ այս պատճառով իրեն դէմ հարցաքննութիւն սկսած էր։

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԲԸՄ-Ի ԾՐԱԳՐԵՐՈՎՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅՑԵԼԱԾ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց խումբ մը երիտասարդներ, որոնք Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) զանազան ծրագրերով Հայաստան այցելած էին։

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, իշխանութիւն-եկեղեցի առկայ մաշեցուցիչ լարուածութեան մթնոլորտին մէջ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէ ներս հերթական անգամ գումարուեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ժողով՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ։

ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍՈՒ ՏԱՐԵԴԱՐՁ

Եշիլգիւղի ընտանիքը շաբաթավերջին նշեց թաղի Սահակ-Մեսրոպ դպրաց դասու հիմնադրութեան 112-րդ տարեդարձը։ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։

«ՉԿԱՅ Ս. ԷՋՄԻԱԾԻՆ ԱՌԱՆՑ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՉԿԱՅ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ ԱՌԱՆՑ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ»

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնը։ Սա հայոց հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի տեսիլքով Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի հաստատման յիշատակութեան տօնն է։

ՏՕՆ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Եկեղեցւոյ գաղափարին նուիրուած տօն մըն է՝ Տօն Կաթողիկէ Սրբոյ Էջմիածնի։ Տօն մը՝ որուն մէջ թէպէտեւ իբրեւ դէպք Հայ ազգային հոգեւոր կեանքի պատմական յիշատակն է, որ կը հանդիսաւորուի, բայց անոր մէջէն կ՚ոգեկոչուի «քրիստոնէական ընդհանուր եկեղեցի»ին խորհուրդը՝ անոր ամենէն հարազատ պատկերը տեսնելով Հայ Եկեղեցիին մէջ։

Ս. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԿԱՐԱՊԵՏԻ ՄԱՍՈՒՆՔՆԵՐՈՎ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ յիշատակեց Սուրբ Յովհաննէս Կարապետն ու Սուրբ Աթանագինէ Եպիսկոպոսը։ Այս վերջիններուն յիշատակութեան տօնը, միեւնոյն ժամանակ, Վաղարշապատի Սուրբ Շողակաթ վանքի ուխտի օրն է։

ՍՐԲՈՑ ԳԱՅԵԱՆԵԱՅՑ ՏՕՆԸ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ տօնախմբեց Սրբոց Գայեանեայց կոյսերու յիշատակը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տօնակատարութիւններ տեղի ունեցան՝ բարձր հովանաւորութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, որ նահատակ սրբուհիի մասունքի աջով օրհնեց բարեպաշտ ժողովուրդը։

ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ

Շաբաթավերջի Սուրբ Էջմիածնի տօնին ընդառաջ, Մայր Աթոռի մէջ այս օրերուն արտասովոր խանդավառութիւն կը տիրէ։ Այս առաւօտ սկսաւ Միաբանական համագումարը՝ օրհնութեամբ եւ բարձր հովանաւորութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի:

Էջեր