ԶՐՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հայաստանի վարչապետը օրէնքէն վեր կը դասէ իր անձը եւ հերթական անգամ կ՚արշաւէ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ դէմ՝ կեղծ մեղադրանքներով:
Չսասանել ազգային հիմնասիւները:
Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի երէկուան ժողովէն վերջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ. «Հարկ չկայ Եկեղեցին ներքաշելու արհեստական օրակարգերու մէջ եւ մղել հակադարձման գործողութիւններու։ Կոչ կ՚ուղղենք իրաւասու պետական մարմիններուն՝ կասեցնել այս ապօրինի եւ անհեռատես քաղաքականութիւնը»:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Գանատայի մէջ իր մահկանացուն կնքած է նախկին պոլսահայ Տ. Բարսեղ Աւ. Քհնյ. Վանլեան։ Նորոգ վախճանեալ տէր հայրը երկար տարիներ Իսթանպուլի մէջ ծառայութիւն մատուցած էր՝ տիպար հոգեւորականի համբաւով։
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը երէկ համախմբեց համայնքային շրջանակները։ Բացառիկ խանդավառութեան պայմաններուն ներքեւ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւնները, որոնց նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։
Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքի հովանաւորութեան ներքեւ, շաբաթավերջին, Ֆէնէրի «Մարաշլը» յունաց վարժարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ փաստավաւերագրական ժապաւէնի մը ցուցադրութիւնը, որուն յանուն Պատրիարքական Աթոռին մասնակցեցաւ Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը ընդունուեցաւ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի կողմէ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի մասնակցութեամբ, Զուիցերիոյ մայրաքաղաքը Պեռնի մէջ կազմակերպուած՝ «Կրօնական ազատութիւն. հայկական հոգեւոր, մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան պահպանումը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ» նիւթով համաժողովը հասաւ իր աւարտին։
«Ուր որ կը խաթարուին մարդու եւ ժողովուրդներու իրաւունքները, այնտեղ կ՚անտեսուի հոգեւոր ժառանգութեան վսեմ արժէքը»:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ այցելեց Ֆէնէրի յունաց պատրիարքարանը։ Ան ընդունուեցաւ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքին կողմէ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը արդէն Զուիցերիոյ մէջ է։ Վեհափառ Հայրապետը մայրաքաղաք Պեռնի մէջ կը մասնակցի՝ «Կրօնական ազատութիւն. հայկական հոգեւոր, մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան պահպանումը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ» խորագրեալ միջազգային համաժողովի մը, որ կազմակերպուած է Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի եւ Զուիցերիոյ Բողոքական եկեղեցւոյ կողմէ։