ԹԱՓ ՏԱԼ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «Էսրա» միջազգային հիմնադրամի պատուիրակութիւնը: Հիմնադրամի նախագահն է՝ «Իմամ Հասան Աքսարի» հոգեւոր դպրոցի եւ համանուն բարձրագոյն ուսումնական հաստատութեան ղեկավար տքթ. Մորթեզա Չավատի Ամոլի: Այս վերջնոյն ընկերակից պատուիրակութեան միացած էր նաեւ Երեւանի մօտ Իրանի դեսպան Խալիլ Շիրղոլամի:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Իրանի ժողովուրդներու բարեկամական յարաբերութիւններուն, որոնք խարսխուած են փոխադարձ յարգանքի եւ պատմական հարուստ անցեալի վրայ:
Զրոյցի տեւողութեան կարեւորութեամբ ընդգծուեցաւ ժողովուրդներու միջեւ փոխըմբռնման եւ համագործակցութեան խորացման ուղղութեամբ կրօնական համայնքներու դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ միջկրօնական երկխօսութեան եւ մշակութային կապերու առաւել զօրացման անհրաժեշտութիւնը: Հանդիպման մասնակիցները նշեցին, որ արդի մարտահրաւէրներու պայմաններուն ներքեւ հոգեւոր-բարոյական արժէքներու ամրապնդումը կարեւոր պայման է մարդկութեան կեանքէն ներս կայուն խաղաղութեան հաստատման եւ անվտանգ ապագայի կերտման համար: