ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Սրբոց Վարդանանց յիշատակի տօնակատարութիւններուն նախագահեց Ֆէրիգիւղի համանուն եկեղեցւոյ մէջ։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ներկայ էին նաեւ բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր։