ՎԵՐՋ ՏՆԱՅԻՆ ԿԱԼԱՆՔԻ

Հայաստանի Հանրապետութեան դատական իշխանութիւնները որոշեցին բաւ համարել՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Շիրակի թեմակալ առաջնորդ Տ. Միքայէլ արք. Աջապահեանի դէմ սահմանուած տնային կալանքը։ Յամենայնդէպս, Նորին Սրբազնութեան դէմ կը շարունակէ գործել՝ երկրէն բացակայելու արգելքը։

Երէկ, Հայաստանի Վերաքննիչ ատեանը որոշեց բեկանել նախապէս առաջին ատեանի՝ Երեւանի Ընդհանուր իրաւասութեան ատեանին կողմէ Տ. Միքայէլ արք. Աջապահեանի դէմ արձակուած վճիռը, որով կը նախատեսուէր երկու տարուան բանտարկութիւն։ Վերաքննիչ ատեանը որոշեց նոր քննութեան ուղարկել այս թղթածրարը։

Տ. Միքայէլ արք. Աջապահեան Հայաստանի դատական իշխանութիւններէն պահանջած է անմեղ հռչակուիլ եւ կ՚ակնկալէ իր թղթածրարին վերջնականօրէն ու ամբողջութեամբ փակուիլը։ Ան այս հարցով դիմած է նաեւ Եւրոպայի մարդու իրաւանց ատեան (ԵՄԻԱ)։

Հարկ է յիշեցնել, որ Տ. Միքայէլ արք. Աջապահեան ձերբակալուած եւ բանտարկուած էր՝ Հայաստանէ ներս իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեամբ պայմանաւորուած իրադարձութիւններով։

Ուրբաթ, Յունիս 26, 2026