ԱԿՆԱՐԿ - 164 - ԴՐՕՇԱԿ ԱՅՐԵԼՈՒ «ՍԽՐԱՆՔԸ» ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ…

23 ապրիլ 2026-ին, Երեւանի մէջ դարձեալ ականատես դարձանք թրքական դրօշակը այրելու «սխրագործութեան»: Արարք մը, որ խօսուն վկայութիւն մըն է մեր բոպիկութեան եւ տհասութեան: 

Մենք ինչքա՜ն ուզենք թրքական դրօշակ այրենք, այդ ո՛չ մէկ բան կու տայ մեզի, երբ ատոր դիմաց ո՛չ մէկ գործնական քայլ կը կատարենք մեր պետութիւնը զօրացնելու համար: 

Պահ մը նայինք մեր շրջապատը, մեր պետական կառոյցները, դպրոցները, համալսարանները, մեր գործատեղիները կամ տուները, անոնցմէ քանի՞ հատին վրայ եռագոյնը կայ, իսկ եթէ կայ, ի՞նչ վիճակ կը ներկայացնէ… փորք, պատռտուած, գունաթափած… Բայց, պահ մը գացէք Թուրքիա (քաւ լիցի, մի՛ երթաք՝ չէ՞ որ մեղք է այնտեղ երթալը, որովհետեւ մեր թշնամի երկիրն է…): Առ այդ, պարզապէս համացանցով փնտռեցէք եւ տեսէք, թէ այնտեղ ի՜նչ վիճակ կը տիրէ դրօշի պարագային…:

Ամերիկայի մէջ, օրինակ, դրօշակ այրելը բողոքի ձեւ մըն է սեփական երկրի պետութեան դէմ, կամ անհամաձայնութիւն յայտնել սեփական երկրի պետութեան գործելաոճին: Այսինքն՝ այրել ի՛ր իսկ երկրի դրօշակը, բողոքի արտայայտութեան ձեւ մըն է, որ որոշ նպատակ մը կը հետապնդէ: Անդին, սեփական երկրի դրօշակ այրելը նաեւ անարգանք է սեփական երկրի նկատմամբ, որովհետեւ իւրաքանչիւր երկրի դրօշակ տուեալ երկրի ամենէն նուիրական խորհրդանիշներէն մէկն է եւ այրել զայն, կը նշանակէ անարգել ու ոտնահարել տուեալ երկրի սկզբունքները, սրբութիւններն ու նուիրականութիւնները:

Ինչ կը վերաբերի այլ երկրի մը դրօշակը այրելուն, ո՛չ միայն անիմաստ է, այլեւ աննպատակ: Ուրիշ երկրի մը դրօշակ այրելը՝ նոյնիսկ եթէ այդ երկիրը թշնամի կը համարենք, առաջին հերթին վկայութիւն է անզօրութեան եւ անճարակութեան: Վկայութիւն է դիւանագիտութեան բացակայութեան: Վկայութիւն է տեսլականի բացակայութեան: Վկայութիւն է սեփական երկրի նկատմամբ անյարգալիրութեան:

Շատեր այս տողերը կարդալով թերեւս ընդվզին, վրդովին, ոմանք նոյնիսկ վիրաւորական արտայայտութիւններ ունենան, նոյնիսկ հայհոյեն. խնդիրը այդտեղ չէ, բուն խնդիրը այնտեղ է, թէ մենք դրօշակ այրելէն բացի ի՞նչ կ՚ընենք մեր երկրին համար: Դրօշակ այրելով ի՞նչ կու տանք մեր նահատակներուն։ Դրօշակ այրելով ի՞նչ վնաս կը պատճառենք Թուրքիոյ: Աւելի քան հարիւր տարիներ լացիքն ու ողբացինք, յետոյ ի՞նչ. մեր երկրի ղեկին բերին այնպիսի իշխանութիւն մը, որ ողն ու ծուծով թրքահպատակ է եւ թրքական օրակարգն է, որ յառաջ կը տանի: Ի՞նչ կու տանք այդ իշխանութեան թրքական դրօշակ այրելով, եթէ ո՛չ յաւելեալ ինքնավստահութիւն եւ ինքնահաստատում իշխանութեան աթոռին վրայ…:

Տասնմէկ տարիներ առաջ, 23 ապրիլ 2015-ին, դրօշակ այրելու ախտին ականատես դառնալով՝ գրած եմ «Դրօշապղծութեան Տոն Քիշոթեան ախտը» վերնագիրով գրութիւն մը, որ այստեղ մեր ընթերողներու ուշադրութեան կը յանձնեմ, որովհետեւ փաստօրէն տակաւին ոչինչ փոխուած է եւ տարուէ տարի մենք ա՛լ աւելի Տոն Քիշոթեան ախտով կը տառպաինք ու կը տառապինք: Կարդա՛նք։

*

23 ապրիլ 2015, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, հայ քրիստոնեայ ժողովուրդի պատմութեան համար ի մասնաւորի եւ ընդհանրապէս քրիստոնէական աշխարհին համար իւրայատուկ թուական մը եղաւ, որովհետեւ մեր մէկուկէս միլիոն ցեղասպանուած նահատակները սրբադասուեցան, անցնելով աւելի քան 2000 տարիներու ընթացքին սրբադասուած սուրբերու շարանին:

Այս արարողութեամբ, հայութեան մասնիկները սուրբերու ժառանգորդներ դարձան եւ այս խորհրդաւոր իրողութիւնը տակաւին երկար տարիներ պիտի վերլուծութեան ենթարկուի, հասկնալու համար, որ բարոյական եւ հոգեկան ինչ հետեւանքներ պէտք է կրէ հայ ժողովուրդը այս իմաստալից փաստի հետեւանքով:

Ամէն պարագայի, ես կը կարծէի, որ նկատի ունենալով գոնէ պահի լրջութիւնը, այնտեղ գտնուողները պիտի գիտակցէին, որ ատելութեան եւ կեղծ ու ցուցադրական անքաղաքակիրթ գործելաոճը՝ ո՛չ միայն չի համապատասխաներ տեղի եւ պահի խորհուրդին, բայց նաեւ անպտուղ է ո՛չ միայն արդարութեան համար մեր ժողովուրդի տարած պայքարին մէջ, այլ նաեւ մեր հոգիի եւ միտքի զարգացման եւ կայացման համար:

Սակայն, սրբադասման արարողութեան ատեն իսկ, Մայրավանքի պատերուն տակ երիտասարդներ, մայթերուն վրայ՝ այս կողմ ու այն կողմ թրքական դրօշը տարածելու «հերոսութիւն»ը ստանձնելէ բացի, անցորդներուն ալ անպայմանօրէն «կը թելադրէին» դրօշին վրայէն անցնիլ:

Եւ ի՞նչ: Ի՞նչ ստացան անոնք այդ բոլորէն: Հոգեկան ի՞նչ բաւարարութիւն այդ «քաջագործութիւն»ներէն: Պահանջատիրութեան գետնի վրայ ի՞նչ զարգացում: Եւ ի վերջոյ, մարդկային փոխյարաբերական եւ հասարակութեան կայացման գետնի վրայ ի՞նչ տեղաշարժ:

Թրքական դրօշը Թուրքիոյ բոլոր քաղաքացիներու դրօշն է, ներառեալ հայկական հարցի համար պայքարող ու կեանքը վտանգի տակ դնող մտաւորականներուն եւ հասարակական գործիչներուն, որոնք անհամբեր կը սպասեն, որ իրականութիւն դառնան պետական մակարդակի հարթակներէ լսուող երկխօսութեան փսփսուքները: Անշուշտ, դրօշակ այրող հերոսները երկխօսութիւնը դաւաճանութիւն պիտի սեպեն, իսկ ճշմարտութեան համար գործող Թուրքիոյ քաղաքացիներուն ալ պիտի նային կասկածամտութեամբ ու արհամարհանքով:

Սակայն, նոյնիսկ այդ պարագային, նոյնիսկ ամենաարմատական մեր քաղաքացիներուն թրքական դրօշակը այրելը, ոտնակոխելը, պատռելը կամ նուաստացնելը ի՞նչ կու տայ, ոչինչ: Դրօշապղծութիւնը ձեւական, մակերեսային, անլուրջ վախկոտ եւ անհեռատես քայլ մըն է: Միւս կողմէն, այդ քայլը կը հրահրէ ատելութիւն կամ առնուազն արհամարհանք:

Իրողութիւնը հետեւեալն է, դրօշակ այրելը անիմաստ է եւ բացի վնասէ՝ ոչինչ կու տայ մեր հասարակութեան: Այն, ընդամէնը կ՚ապացուցէ, որ մեր քաղաքական գործելաոճը տակաւին կարիք ունի ինքնազտման եւ բիւրեղացման, մինչեւ որ Փանջունիական եւ Տոն Քիշոթեան երեւոյթները կը վերանան եւ կ՚ընդհանրանան քաղաքացիական, պատասխանատու եւ հայրենասիրական կեցուածքն ու լրջութիւնը:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

24 ապրիլ 2026, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 30, 2026